Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճ
Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճ
Հ.Մ.Ը.Մ. Գէմպրիճի մասնաճիւղը կը հիմնուի 2 Դեկտեմբեր 1977-ին։
Առաջին օրէն իսկ, մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւնները կը կեդրոնանան մարզական գործունէութեան կազմաւորումով։ Սկիզբը պասքէթպոլով, ապա յաջորդող տարիներուն կու գան աւելնալու Ֆութպոլը, աթլէթիզմը եւ ֆլոր հաքին։
1982-ին Գէմպրիճի գաղութը կ՚օժտուի Հայ Կեդրոնով, ուր կեդրոնացած են այժմ միութիւններու գործունէութիւնները։ Միջ-Մասնաճիւղային խաղերու իրենց մասնակցութեան կողքին, մասնաճիւղի Ֆութպոլի խումբը կը մասնակցի նաեւ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Ֆութպոլի «Լուտեր Մասպանաճեան» բաժակի մրցաշարքներուն։
Խանդաւարութեամբ կեանքի կոչուած այս մասնաճիւղը կ՚ունենայ իր վերիվայրումները։
Բարեբախտաբար, վերջին տասնեակ մը տարիներուն կը վերաշխուժանայ եւ մարզական խումբերու կողքին ի վերջոյ կը սկսի սկաուտական գործունէութիւնը։
Մասնաճիւղի մարզական գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ ֆութպոլ, պասքէդպոլ, փինկ-փոնկ, ճատրակ, վոլիպոլ եւ ֆլոր հաքի։
Մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած կամ նախաձեռնած բոլոր ձեռնարկներուն։
2012 Մայիսին, մեծ շուքով նշեց մասնաճիւղի 35 ամեակը, Ձեռնարկին ներկայ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Պաշտօնական ձեռնարկին կողքին, տեղի ունեցաւ նաեւ մարզական խաղեր։
2016 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի շրջանի 42-րդ մարզական խաղերը հիւրընկալեց եւ կազմակերպեց Գէմպրիճի մասնաճիւղը։ Տեղի ունեցաւ յաղթանակի պարահանդէս, ուր հաւաքուած էին 800 մարզիկներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ ու համակիրներ։
2018 Մայիսին, նշուեցաւ մասնաճիւղի 40-ամեակն ու միութեան 100-ամեակը։
29 – 30 Հոկտեմբեր և 1 Դեկտեմբեր 2024-ի շաբաթավերջը, Գէպրիճի մասնաճիւղը պիտի հիւրընկալէ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանի 51-րդ Մարզական խաղերը։



