Եռօրեայ Բանակում

Եռօրեայ Բանակում

13 Սեպտեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցաւ Յարաւային Օնթարիոյի մասնաճիւղային տարեկան եռօրեայ բանակումը,  "Camp Manitou Scout Camp" բանակավայրէն ներս : Բանակումին մասնակցեցան 13 Սկաուտներ Գէմպրիճ մասնաճիւղէն։


Սկաուտները ստացան դաստիարակչական գիտելիքներ, մասակցեցան զանազան խաղերու, զարգացման մրցումի եւ հետախուզական արշաւի: 

Բանակումի ընթացքին Եղբ. Շիրազ Քահքէճեան , Եղբ. Ալէքս Պետիրեան եւ Եղբ. ֆրանսուա Քազէզեան ստացան Բ. կարգի հաստատգիր:


Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր, 2024-ին, ծնողներու ներկայութեամբ, խանդավառ յայտագիրով եւ կանչերով ունեցանք հաճելի խարուկահանդէսը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բանակումի պաշտօնական փակման դրօշակի արարողութիւնը։