ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «Ս. ՂԵՒՈՆԴ ԵՐԷՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ 4 Հ.Մ.Ը.Մ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ :
Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ համախորհուրդ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, 2019-ին հաստատուեցաւ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանը, իբրեւ խթան հայեցի դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման։
Կիրակի, 25 Փետրուար, 2024-ին, նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Որմէ ետք, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, «Ս. Ղեւոնդ Երէց» կրօնական շքանշանով պարգեւատրուեցան Գեմպրիճ մասնաճիւղէն 2, Համիլդն 1 եւ Սէնթ Քաթրինզ 1 Հ.Մ.Ը.Մ. սկաուտականներ։


